Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազնուական ընտանիքի մայր հանդիսացող Մարի-Լուիզ Եագուպեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Հանգուցեալը ծնած էր Եգիպտոս 1937-ին եւ կեանքի կարեւորագոյն հատուածը ապրած Դամասկոսի հետ կիսելով Լեւոն Եագուպեանի կեանքի բոլոր փուլերը ու դառնալով անոնց կազմած եւ հայկական ջիղով ու ոգիով կազմուած հայկական օճախին երկրորդ սիւնն ու սիրելի մայրը։
Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կայացուի Հայաստանի Էջմիածին քաղաքին մէջ։
Հոգեհանգիստը պիտի կատարուի չորեքշաբթի 1 փետրուար երեկոյեան ժամը 6:00-ին Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարին մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը պիտի կատարուին հինգշաբթի 2 փետրուար յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին , ուր հողին պիտի յանձնուի վանքին կից գտնուոող Եագուպեաններու գերեզմաննոցին մէջ։
Այս տխուր առթիւ մեր վշտակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր որդւոյն՝ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մարմնի նախագահ Տիար Վազգէն Եագուպեանին։