image

Մարդու տեսակի խնդիր...

  Մարդու տեսակի խնդիր...

 Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝ 

Ուրեմն, հարցը ՄԱՐԴու տեսակի խնդիր է, մարդկային ազնւութեան վրայ ամրագրուած արժէքներու խնդիր է, կեանքը որոշ կերպ հասկնալու եւ զայն ապրելու խնդիր է։ 

Եւ այսպէս, օրինակ, մենք կը գնահատենք ու կը մեծարենք քաջութիւնն ու խիզախութիւնը, բայց յաճախ չենք հասկնար թէ նման այժէքներ պէտք է համալրուին ազնւութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ. այլապէս, անոնք կ՚առաջնորդեն ամենէն լկտի, զզուելի, բռնապետական եւ անմարդկային դրսեւորումներու։ Նոյնպէս, ըսել թէ մէկը ազգասէր է կամ հայրենասէր՝ այդ ոչինչ կը նշանակէ, եթէ այդ անձը իր մէջ չունի ամբողջ աշխարհ մը ազնւութիւն եւ մեծահոգութիւն։

Ազգութիւն, ազգային արժէքներ, հայրենիք, պետութիւն, մարդկային արժէքներ ու իրաւունքներ, ասոնք բոլորը ազդակներ են որոնք իմաստ կը ստանան կամ կը սպառին, նայած թէ ո ՞վ է զանոնք կրողը։ Ան ՄԱ ՞ ՐԴ է, թէ մարդու կերպարով մէկ այլ բան։

Հասած եմ այն Եզրակացութեան, թէ մարդոց միջեւ մտաւոր կամ գաղափարական տարբերութիւնները երկրորդական են։ Գաղափարախօսութիւն կամ քաղաքական հայեացքներ բաժնող մարդիկ, կրնան իրարմէ այնքան տարբեր ընկալել միեւնոյն գաղափարական արեւելումը, նոյն գաղափարական մշակոյթն ու արժէքները որոնք այլապէս միաւորող պէտք է ըլլային։ Բայց իրականութիւնը յաճախ այլ է։

Մարդոց բաժնող կամ միացնող գլխաւոր ազդակը կը կայանայ նոյն ինքն ՄԱՐԴ արարածի մասին գոյութիւն ունեցող ընկալումներուն մէջ. թէ որքանով, օրինակ, մէկը կը կարեւորէ ՄԱՐԴԸ որպէս արժէք, մինչ ուրիշ մը մարդը կը նկատէ որպէս միջոց, կամ կռուան։ Կամ, օրինակ, մինչ մէկը համամարդակային արժէքներ կրնայ ընդունիլ որպէս կարեւորագոյն հիմք, մէկ ուրիշը կրնայ այդ արժէքները անհեթեթութիւն կամ փափուկութիւն համարել։

Իմ փորձառութիւններէս կրնամ վկայել, օրինակ, որ երբեմն շատ աւելի հեշտ կը յարաբերիմ մարդու մը հետ որ թէ ՛ տեսականօրէն, թէ տրամաբանականօրէն, եւ թէ ալ քաղաքական իմաստով տարբեր բեւեռի վրայ կը գտնուի քան ես, քանզի այդ մարդուն հետ ազնւութեան վրայ խարսխուած յարաբերութիւն մը աւելի հեշտ ու հաճելի կ՚ընթանայ, քան ծանօթի մը հետ որ որպէս թէ իմ հետ «նոյն ուղղութեան» հետեւորդ է։ 