Առնուազն 26 մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարներ նոյեմբեր 17-ին «Ռաֆահ» անցակէտով մտած են Կազայի հատուած: Այս մասին յայտնած են պաղեստինեան տարածքներու մէջ Իսրայէլի կառավարութեան գործունէութեան համակարգողի գրասենեակէն։
«26 մարդասիրական բեռնատարներ ստուգուած են եւ Ռաֆահ անցակէտով ուղարկուած Կազա»,-ըսուած է գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Աղբիւրի տեղեկատւութեամբ՝ 12 բեռնատար տեղ հասցուցած է սննդամթերք, 10-ը՝ բժշկական սարքաւորումներ, միւսները ջուր եւ ժամանակաւոր տեղաւորման սարքաւորումներ։