2023-ի 23 փետրուարին, ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Սուրիա կատարած պաշտօնական այցի ծիրին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը այցելած է Դամասկոս եւ Հալէպ՝ Սուրիոյ հայ համայնքին հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
Մասնաւորապէս, «Հայաստան» հիմնադրամը Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան միջոցով 140 հազար ԱՄՆ տոլար նուիրաբերած է Սուրիոյ մէջ գործող հայկական կրթօճախներուն:
Ֆինանսական աջակցութիւնը կ'ուղղուի այդ կրթօճախներու ուսուցիչներուն եւ տեխնիկական անձնակազմին (26 կրթօճախ, 1163 անձ), ինչպէս նաեւ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած երեք հայկական ուսումնական հաստատութիւններուն («Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանի, «Կիլիկեան» դպրոցի եւ Ազգային պատսպարանի) վերականգնման:
Նշուած է, որ Սուրիոյ հայ համայնքին նուիրաբերուած 140 հազար ԱՄՆ տոլարը հաւաքած են «Հայաստան» հիմնադրամի «Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ»-ի, «Հայաստան հիմնադրամ Հոլանտա»-ի եւ Գերմանիոյ տեղական մարմինները:
«Հայաստան» հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, մշտապէս ամուր կանգնած է արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած սփիւռքահայ համայնքներու կողքին: