image
Հրատապ լուրեր:

Մաքրոն Սուրիոյ նորանշանակ նախագահը Ֆրանսա հրաւիրած է

Մաքրոն Սուրիոյ նորանշանակ նախագահը Ֆրանսա հրաւիրած է

Սուրիոյ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ահմատ Շարրան (Ալ-Ճուլանին) Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն առաջիկայ շաբաթներուն Փարիզ այցելելու հրաւէր ստացած է։ Այդ մասին յայտնած է Սուրիոյ պետական լրատուական SANA գործակալութիւնը՝ ներկայացնելով հեռախօսազրոյցի բովանդակութիւնը։

«Ահմատ Շարրան Ֆրանսայի նախագահէն հրաւէր ստացած է առաջիկայ շաբաթներուն այցելելու Ֆրանսա»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։  SANA-ի հաղորդմամբ՝ Մաքրոն շնորհաւորած է Շարրան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ «լիակատար աջակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ անցումային փուլին»։

«Նախագահ Մաքրոնն ընդգծած է իր երկրի պարտաւորութիւնները՝ չեղարկել Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները եւ ճանապարհ հարթել աճի եւ վերականգնման համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Նաեւ նշուած է, որ նախագահները քննարկած են «Սուրիոյ անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները եւ երկրի կայունութիւնը պահպանելու համար միասին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը»։