Ֆրանսան կ'ողջունէ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկխօսութեան կայացումը: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
«Ես դրական կը համարեմ այն, որ Մոսկուան ու Ուաշինկթընը կը խօսին միմեանց հետ», ըսած է Մաքրոն՝ պատասխանելով Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Ժընեւի մէջ Յունուար 10-ին կայացած քննարկումներու մասին հարցին:
Ֆրանսայի նախագահը աջակցութիւն յայտնած է Եւրոպայի մէջ երկխօսութեան պահպանման՝ լարուածութիւնը թուլցնելու ուղիներ գտնելու համար: «Մեր նպատակը անվտանգութեան ընդհանուր ճարտարապետութեան ստեղծումն է», ըսած է Մաքրոն: