Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 77 քկ. քաշային Մալխաս Ամոյեան իր մարզական ասպարէզին մէջ երկրորդ անգամ հռչակուած է Եւրոպայի ախոյեան:
Զաղրէպի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչին Ամոյեան գօտեմարտած է Սերպիոյ ներկայացուցիչ Վիքթոր Նեմեշի հետ եւ 6:4 հաշիւով բացառիկ յաղթանակ տարած է՝ յաղթական միաւորները վաստակելով գօտեմարտի վերջին երկվայրկեաններուն:
Աւելի վաղ, Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ, 63 քկ քաշային Հրաչեայ Պօղոսեան դարձած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզեայ մետալակիր, իսկ Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան հասած էր եզրափակիչ: