image

Մարատ Աճէմեան յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի փոխ-ախոյեան

Մարատ Աճէմեան յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի փոխ-ախոյեան

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կ'ընթանայ ըմբշամարտի մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութիւնը։

Մարատ Աճեմեան դարձած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 17  տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան փոխ-ախոյեան։

Աճեմեան առաջին գօտեմարտը կատարած է 1/8 եզրափակիչին եւ 9:0 հաշուով յաղթած իրանցի Ահմատ Պատրատինին, իսկ քառորդ եզրափակիչին նոյն հաշուով նախատեսուածէն շուտ պայքարէն դուրս հանած է ատրպէյճանցի Շախիտ Նապիեւը։

Կիսաեզրափակիչին հայ ըմբիշը գօտեմարտած է Ուզբեքիստանի ներկայացուցիչ Ումիտժոն Քարոմովի դէմ եւ մրցակիցին յաղթած ընդամէնը 36 վայրկեանէն` 8:0։

Եզրափակիչին հայ ըմբիշը 3-6 հաշուով պարտուած է ռուս Ասլանբեկ Քոստոեւէն։