image
Հրատապ լուրեր:

Մալաթիա ծնած, Համաշխարհային հռչակ վայելած հայը. Նոր ցուցահանդէս Սարգիս Խաչատուրեանի

Մալաթիա ծնած, Համաշխարհային հռչակ վայելած հայը. Նոր ցուցահանդէս Սարգիս Խաչատուրեանի

1937 թուականին նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեան կը հետաքրքրուի Աժանթայի որմնանկարներով եւ կը տեղեկանայ, որ անոնք փճացումի վտանգին տակ են: Նկարիչը կ՚ուղեւորուի Հնդկաստան՝ որմնանկարները փրկելու համար ձեռնամուխ կ՚ըլլայ անոնց պատճէնահանման։ Մինչ այդ որմնանկարները անծանօթ էին արուեստի աշխարհին եւ հայ նկարիչին շնորհիւ տարածուեցան աշխարհով մէկ եւ հանգրուանեցին կարեւոր վայրերու մէջ:

Հնդկական մշակոյթի այդ մեծարժէք գործերը, փաստօրէն յայտնութիւն եղան Խաչատուրեանի շնորհիւ եւ հարստացուցին համաշխարհային արուեստի գանձարանը։ Նոյն աշխատանքը ան կրկնած է նաեւ Սէյլանի, Սրի Լանքա, որմնանկարներու փրկութեան աշխատանքին մէջ։

 

 

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է ծնունդով մալաթիացի մեծահռչակ նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսը շատ այցելուներ ունեցաւ, բայց պատկերասրահի պատուաւոր հիւրերէն նկատուեցան Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան, որ այս ցուցահանդէս այցելեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանի, ուրիշ բարձաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Անոնց այցը պատահական չէր. Սարգիս Խաչատուրեանը իր արուեստով դարձած է հայ-հնդկական յարաբերութիւններու խորհրդանիշներէն, եւ անոր մոռցուած անունը վերջին շրջանին շատ անգամ յիշուեցաւ եւ առաւել արժեւորուացաւ Հայաստանի մէջ պաշտօնավարող հնդիկ դիւանագէտներու շնորհիւ: Պատկերասրահին մէջ բացուած ցուցահանդէսին ներկայացուած էր Հնդկաստանի հանրայայտ Աժանթայի քարանձաւներու որմնանկարներու՝ բնօրինակի արժէք ունեցող եզակի նմոշներ: Այդ նմոյշները աշխարհին յայտնի դարձած են մալաթիացի հայ նկարիչի շնորհիւ, եւ Հնդկաստանի կառավարութիւնը ամէն առիթով իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ հայ ժողովուրդին՝ Սարգիս Խաչատուրեանի կատարած աշխատանքին համար:

1939-1940 թուականներուն Հնդկաստանի մէջ Սարգիս Խաչատուրեանի կողմէ ընդօրինակուած այդ հնագոյն տաճարին որմնանկարները ժամանակին իրենց արժանի տեղը գտած են զանազան միջազգային թանգարաններու մէջ, ցուցադրուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Փարիզի «Լուվր»ի, եւրոպական այլ ցուցասրահներու, ինչպէս նաեւ՝ Հնդկաստանի մէջ: Շատ թանգարաններու մէջ կը պահուին այդ որմնանկարներէն օրինակներ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին օրինակներ նուիրուած է Սարգիս Խաչատուրեանի այրին՝ նկարչուհի Վաւա Խաչատուրեանը: Մասնագէտներու բարձր գնահատանքին արժանացած այդ գործերուն մէկ մասը նկարիչին կինը, տասնեակ տարիներ պահպանելէ ետք՝ 1971 թուականին ցուցադրած է Հայաստանի Նկարիչներու տան մէջ եւ ապա նուիրած է Հայաստանի Պետական պատկերասրահին։

Աժանթան, որ պուտտայական տաճարավանքային համալիր է Հնդկաստանի Մահարաշտրա նահանգին մէջ, կը նկատուի Հնդկաստանի հնագոյն յուշարձաններէն մէկը, որ կ՚արտացոլացնէ երկրին կրօնական խորհրդաւոր պատմութիւնը:

Աժանթայի հրաշալիքները դարեր շարունակ ծածկուած եղած են բուսականութեամբ ու անյայտ մնացած: Երբ պուտտայականութիւնը Հնդկաստանի մէջ անկում ապրած է, հաւատացեալներուն թիւը պակսած է՝ վանականները լքած են այդ վանքերն ու տաճարները։ Այդ բոլորը պատահաբար յայտնաբերուած է 1829 թուականին, երբ այդ կողմերը յովազի որսի ելած անգլիացի զինուորները Աժանթայի ձորին մէջ հանդիպած են քարայրներու մուտքին։ Աժանթայի կոթողները թիւով քսանինն են, որոնք միակտուր են՝ փորուած 78 մեթր բարձրութեամբ մէկ ամբողջական ժայռի մը մէջ։

Պուտտայական ժամանակաշրջանին պատկանող այդ տաճարներուն կառուցումը տեւած է շուրջ ութ հարիւր տարի։ Ըստ տեղեկութիւններուն, տաճարները շինելու սկսած են մեր թուարկութենէն երկու դար առաջ եւ շարունակուած մինչեւ մեր թուարկութեան ութերորդ դարը։ Դժբախտաբար ո՛չ մէկ արձանագրութիւն, ո՛չ մէկ փաստաթուղթ մնացած է, որուն մէջ կը պատմուի, թէ որո՞ւ կամքով ու նախագիծով կառուցուած են այդ կոթողները, ուր դարեր շարունակ կ՚արձագանգէին վանականներուն աղօթքները: Անյայտ մնացած են վարպետներուն ու կառուցողներուն անունները։ Իբր այդ, աւելի խորհրդաւոր կը մնայ այդ վայրը:

Կերպարուեստը հոն բուռն ծաղկում ապրած է մանաւանդ 5-6-րդ դարերուն։ Շինարարական աշխատանքները աւելի աշխոյժ բնոյթ կրած են 5-րդ դարու վերջին, 6-րդ դարու առաջին կէսին եւ նոյն ժամանակահատուածին ստեղծուած են Աժանթայի աւելի կատարեալ քանդակներն ու որմնապատկերները։

Քարանձաւները կը բաժնուին երկու մասի՝ աղօթասրահներ եւ վարդապետներու սենեակներ: Համալիրը կը տարածուի Վակխորի գետի երկայնքով՝ 550 մեթր տարածութեամբ, գրկելով գետին թեքութիւնը: Աժանթայի պատերուն մանրանկարչութիւնը ծանօթ է ողջ աշխարհի տարածքին, անոնք հիմնականօրէն պուտտայական առասպելներու պատկերազարդումներն են:

1937 թուականին նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեան կը հետաքրքրուի Աժանթայի որմնանկարներով եւ կը տեղեկանայ, որ անոնք փճացումի վտանգին տակ են: Նկարիչը կ՚ուղեւորուի Հնդկաստան՝ որմնանկարները փրկելու համար ձեռնամուխ կ՚ըլլայ անոնց պատճէնահանման։ Մինչ այդ որմնանկարները անծանօթ էին արուեստի աշխարհին եւ հայ նկարիչին շնորհիւ տարածուեցան աշխարհով մէկ եւ հանգրուանեցին կարեւոր վայրերու մէջ:

Հնդկական մշակոյթի այդ մեծարժէք գործերը, փաստօրէն յայտնութիւն եղան Խաչատուրեանի շնորհիւ եւ հարստացուցին համաշխարհային արուեստի գանձարանը։ Նոյն աշխատանքը ան կրկնած է նաեւ Սէյլանի, Սրի Լանքա, որմնանկարներու փրկութեան աշխատանքին մէջ։

Միայն Հնդկաստանը չէ եղած Սարգիս Խաչատուրեանի հետաքրքրութիւններուն մէջ. 1931 թուականին ան Իրանի կառավարութեան հրաւէրով Սպահանի մէջ վերականգնելու սկսած է Սեֆեան շրջանի որմնանկարները, միաժամանակ կատարած է պատճէնահանումներ, զորս ցուցադրած է Փարիզ եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ։ 1934 թուականին հիմնադրած է Նոր Ջուղայի Հայկական արուեստի թանգարանը։

Իրանի պատմութեան մէջ մեծ դեր ունի շահական Սեֆեան տոհմի կառավարման շուրջ երեքդարեայ ժամանակահատուածը։ Ինչպէս յայտնի է՝ Շահ Ապպաս իր կառավարման սկզբնական շրջանին՝ 1598 թուականին, Սեֆեան գահանիստը Ղազվինէն տեղափոխած է Սպահան՝ միտք ունենալով Արեւելքն ու Արեւմուտքը կապող մեծ կեդրոն մը ստեղծել եւ մշակութային նոր միջավայր ձեւաւորել:

16-րդ դարուն, երբ Սպահանը մայրաքաղաք կը հռչակուի, հիմք կը դրուի շահական պալատներու շինարարութեան: Պալատները գրաւած են ճանապարհորդները՝ իրենց որմնանկարներով եւ շքեղ նկարազարդումներով, սակայն դժբախտաբար քիչ պալատներ հասած են մեր օրերը եւ բոլորին նկարազարդումները թուղթի վրայ չեն պահպանուած:

Շահ Ապպասի օրով կառուցուած պալատներէն երկուքին՝ Ալի Ղափու եւ Չեհել Սոթուն պալատներուն որմնանկարները փրկուած են Սարգիս Խաչատուրեանի շնորհիւ, որ զանոնք ընդօրինակած է եւ յանձնած Իրանի կառավարութեան:

Սարգիս Խաչատուրեան Իրան մեկնած էր 1929 թուականին՝ պետական հասարակական գործիչ, դիւանագէտ, թարգմանիչ Յովհաննէս խան Մասեհեանի յորդոր-խնդրանքով՝ նորջուղայեցի պատանիներուն նկարչութեան դասեր տալու: Շրջելով Իրանի զանազան շրջանները՝ տեսած է պատմական պալատներու որմնանկարներուն անմխիթար վիճակը: Անոր հետաքրքրութիւնն ու նուիրուածութիւնն ալ առիթ դարձած են, որ պետական մակարդակով իրեն վստահին զանոնք վերականգնելու եւ ընդօրինակելու գործը:

Թէ՛ հնդկական պուտտայական տաճարներուն, թէ՛ շահապասեան շրջանի պալատներուն որմնանկարներէն դրուագներ յետագային ան գործածած է արուեստի մէջ՝ այդպէսով մշակութային շերտերով հարստացուցած իր նկարները:

 

ՄԱԼԱԹԻԱՅԷՆ ԿԱՐԻՆ

Խաչատուրեան ծնած է Մալաթիա, 1886 թուականին: Պզտիկ տարիքին նկատուելով իբրեւ լաւագոյն աշակերտ՝ ղրկուած է Կարինի Սանասարեան վարժարանը ուսանելու, որմէ ետք փոխադրուած է Հալէպ եւ իր ձեռքը վերցուցած հայկական եկեղեցիներու նկարազարդման աշխատանքը։ Այնուհետեւ Փարիզի, Միւնիխի եւ Հռոմի մէջ մինչեւ 1914 թուականը կատարելագործած է իր նկարչական ձիրքն ու տաղանդը:

1915 թուականին, ականատես ըլլալով դարասկիզբի դէպքերուն, անցած է Անդրկովկաս եւ այդ դէպքերը դարձուցած է իր ստեղծագործութեան հիմնական նիւթը:

Յովհաննէս Թումանեանը, Անդրանիկը եւ ուրիշներ Սարգիս Խաչատուրեանը կոչած են «Հայոց վշտի երգիչ»։ 1917 թուականէն նկարիչը անդամակցած է Թիֆլիզի Հայ արուեստագէտներու միութեան։

 

ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՍՏԱՆԻՇԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Սարգիս Խաչատուրեան Խորհրդային Հայաստանի առաջին փոստանիշերու հեղինակն է։ 1921 թուականին տպագրուած են Խորհրդային Հայաստանի առաջին 16՝ Սարգիս Խաչատուրեանի ինքնօրինակ գծանկարներով նամականիշերը, որոնք կոչուած են առաջին կոստանդնուպոլսեան թողարկում։ Նամականիշերը տպուած են վիմատպութեան ձեւով սովորական թուղթի վրայ՝ ակռաներով եւ առանց ակռաներու: Այդ նամականիշերը նախատեսուած էին սովեալներու համար սակագինի 50 տոկոսի չափով գանձուող յաւելավճարի համար, սակայն գործածուած են նաեւ հիմնական սակագինը վճարելու նպատակով:

1920-ական թուականներուն Սարգիս Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները նուիրուած են հայկական նիւթերուն, անոր նկարները կը ներկայացնէին Հայաստանի բնութիւնը, տօնախմբութիւնները, գաղթականութիւնը. «Արարատը Երեւանէն», «Գաղթական կիներ», «Ճաշի բաժանումը», «Բամպակահաւաքը Արարատեան դաշտին մէջ», «Հայ որբերը անապատի մէջ», «Հայ գաղթականներ», «Վարագայ վանքի տօնը», «Սեւանայ կղզիի եկեղեցիները» եւ նման խորագրերով նկարները ատոր վառ ապացոյցն են։ Այս շրջանի որոշ աշխատանքներ նկարիչը ցուցադրած է եւրոպական ցուցահանդէսներուն, որուն ականատեսներէն եղած է նաեւ Աւետիք Իսահակեան, որ իր յուշերուն մէջ գրած է. «Մենք գրիչով չենք կրնար տալ այն ինչ որ դուն կ՚ընես վրձինով...»:

Սարգիս Խաչատուրեանի նկարներուն մէջ ազգային տարազները, ճարտարապետական յուշարձանները եւ այլ նիւթեր պատկերուած են վառ ու տպաւորիչ գոյներով: Ան ջանացած է դասական, մասնաւորապէս իտալական արուեստի սկզբունքները համադրել տպաւորապաշտական արուեստի սկզբունքներուն հետ:

1924 թուականին արուեստագէտը Վիեննայի մէջ հրատարակած է «Արմենիա» ալպոմը։ Եղած է իտալական միջազգային արուեստագէտներու եւ Վիեննայի Գեղարուեստագէտներու միութեան անդամ, «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն եւ քարտուղարը։ Այս շրջանին անոր ստեղծագործութեան մէջ գերիշխող դարձած է դիմանկարային ժանրը:

Խաչատուրեան անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Պոլսոյ, Փարիզի, ինչպէս նաեւ՝ Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնները այսօր կը պահուին Փարիզի, Լոնտոնի, Վիեննայի, Պրիւքսէլի, Նիւ Եորքի եւ այլ քաղաքներու թանգարաններուն մէջ, Վրաստանի Ազգային թանգարանին եւ Հայաստանի Պետական պատկերասրահին մէջ:

Խաչատուրեան 1941 թուականին հաստատուած էր Նիւ Եորք, մահացած է 1947 թուականին՝ Փարիզ: Անոր աճիւնը տեղափոխուած է հայրենիք եւ 28 դեկտեմբեր 1977 թուականին վերայուղարկաւորուած Երեւանի մէջ: Անոր գործերուն վերջին ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է 2016 թուականին՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ եւ նուիրուած էր Սարգիս Խաչատուրեանի 130-ամեակին:

Ահաւասիկ ցուցահանդէս մը եւս, որը ընդունուեցաւ հետաքրքրութեամբ:

Սարգիս Խաչատուրեանի մասին օրին նիւթեր տպած է մամուլը, երբ ան տակաւին առաջին քայլերը կատարող պատանի մըն էր: Նիւթ մը կը ներկայացնենք «Բազմավէպ»էն (1911 թուական):

 

ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Լուրջ դէմքով, թափանցիկ նայուածքով, համակրելի պատանեակ մը երեւցաւ ինձ՝ բնիկ մալաթիացի Սարգիսն, երբ առաջին անգամ տեսայ զինքը 1903-ին՝ Կարին, Սանասարեան վարժարան այցելութեան գացած պահուս, ուր վեցերորդ տարուան շրջանն աւարտելու վրայ էր: Աշակերտաց հանգստեան ժամանակն էր, եւ մինչդեռ ուրիշ ուսանողներ մարմնամարզ խաղերով կը զբօսնուին՝ ապագայ նկարիչը եռոտանւոյ մը առջեւ անցած՝ իւր տարրական վրձինով կը զուարճանար: Եթէ չեմ սխալիր՝ իրականէն առնուած փոքրիկ բնանկար մըն է, որուն վերջին շողքերը կու տար իւր վրձինով: Նկարչիկին հետ նկարիկին բնականութիւնն ու գոյներու ներդաշնակութիւնը քանի մը վայրկեան ուշադրութիւնս գրաւեցին եւ երբ հեռացանք անկից՝ ուրախութիւնս յայտնեցի Պր. Գ. Աբուլեանցի՝ վարժարանի ուսուցչապետ վարիչներէն միոյն, որ ազնուութեամբ ինձ կ՚առաջնորդէր, եւ հարցուցի, թէ ո՞վ էր վարժարանին նկարչութեան ուսուցիչը, որ այդքան լաւ առաջնորդութիւն ըրած էր փոքրիկ Սարգիսին սկզբնական քայլերուն: Ուսուցչապետը ժպիտը երեսին հասկցուց ինձ որ նկարչութեան ուսուցիչ մը՝ Սանասարեան վարժարանի համար դեռեւս փափաքելի շռայլութիւն մը կրնար համարուիլ, եւ թէ փոքրիկ Սարգիսն՝ ինքնաբերաբար եւ ինքնառաջնորդ՝ իրեն բնական բերման կը հետեւէր, եւ թէ որքան բախտաւոր պիտի ըլլար թէ որ Վենետկոյ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը փոխադրուելով գեղարուեստից այնպիսի կեդրոնավայրի մէջ եւ քաջ նկարչի մը առաջնորդութեան ներքեւ՝ կարենար իւր սիրած արուեստին օրինաւոր ընթացքը կատարել:

Տարի մը վերջ Վենետիկ կը գտնուէի, երբ պատանին ստէպ-ստէպ թախանձագին եռանդուն նամակներով դիմումներ կ՚ընէր վերոյիշեալ առաջարկութեան իրագործումը ձեռք բերելու համար, սակայն անհնարին եղաւ իւր այդ բարի փափաքը կատարել, քանի որ տրամադրելի ազատ ձրի թոշակներ (պուրսեր) չունէր այդ ժամանակ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը՝ զինքը գոհացնել կարենալու համար: Պարագայ մը, որ քանի՜-քանի՜ հայ պատանիներու կենդանի իղձերը՝ սրտներուն մէջ մեռցնելու դատապարտեր է՝ զիրենք լքման ենթարկելով, երբ կը պակսին անոնց դրամական միջոցները՝ իրենց գաղափարականին հասնելու համար:

Բայց փոքրիկ Սարգիսը մեծ կամքի տէր էր, լքմանէ ընկճուելու համար ծնած չէր: Տարի մը ամբողջ զուր վատնուեցաւ՝ դիմումներ ընելով աւելի կամ պակաս յուսացուցիչ հարուստներու քսակներուն, որով կարելի ըլլար բարեգութ խնամակալ մը գտնելու ապագայ նկարչին համար, առատաձեռն մեկենաս մը, որբին համար սրտի հայր մը: Բայց որքա՜ն ցանցառ են հայ պատանւոյն համար այդպիսի բախտաւորութիւնք: «Ես վարժարանս աւարտեցի, կը գրէր եւ ինձ ըսուեցաւ, որ իբր սան Սանասարեանի՝ Եւրոպա պիտի ղրկուիմ, ուստի հայրենիք (Մալաթիա) մեկնեցայ՝ մօրս կարօտն առնելու եւ հոն կրցայ Խարբերդի Կուսակալէն Պոլսոյ համար անցագիր առնել (որքա՜ն դժուարին գործ՝ նախկին ռեժիմի ժամանակ) եւ հազար ու մէկ գեղեցիկ յոյսերով կրկին Կարին մեկնեցայ, սակայն դժբախտաբար Սանասարեան երրեակ Տեսչութիւնն չեմ գիտեր ինչու զիս յուսահատ մինչեւ գաւառներու խորը նետեցին…»: Սակայն հաստատամիտ պատանին Այնթապի եւ Հալէպի մէջ ալ «առանց երբեք յուսահատելու սկսաւ աշխատիլ եւ բաւական համբաւ ու դրամ շահիլ»: Այս ժամանակ էր, որ արդէն ազատութիւնն հռչակուած էր Տաճկաստանի մէջ, ուստի Սարգիս Պոլիս գալով՝ ներկայացաւ Նորին Վսեմութիւն Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեանի, որուն բարձր պաշտպանութեան հետեւանքով՝ 1908-ին Հռովմ ուղարկուեցաւ՝ այնտեղի Գեղարուեստից ակադեմիային աշակերտելու, բայց իտալերէն լեզուին անծանօթ ըլլալով՝ նախ ստիպուեցաւ նոյն լեզուն սովորելու աշխատիլ: «Պէտք է խոստովանիմ, կը գրէր, որ Հռովմայ մէջ բրօֆ. Լեւոն էֆ. Կիւրեղեանը մի ահագին դեր է կատարել իմ առաջին քայլերուս, որը ճանչցած եմ շնորհիւ Հ. Մինաս Վ. Նուրիխանեանի, եւ ես այդ առաջին տարիիս մէջ այնքան յառաջ գացի, որ երբ ակադեմիա մտայ՝ արդէն երրորդ կարգն ընդունուեցաւ, եւ կրկին քննութիւններով յաջողեցայ ամբողջ հինգ տարուան շրջանը մէկ տարիէն աւարտել եւ ակադեմիի վկայականին արժանացայ»:

Սակայն վերջընթեր տարւոյն մեծ արձակուրդի ատեն՝ Պր. Սարգիս Խաչատուրեան եկած էր Վենետիկոյ մէջ անցնելու այդ ժամանակամիջոցը, հետամուտ ըլլալով ուսումնասիրելու վենետկեան-գեղարուեստի յատկութիւնները: Քաղաքիս Ս. Խաչ հայոց եկեղեցւոյն սեփական հիւրանոցի համեստ սենեակներէն մին վարձելով՝ քանի մը ամիս Վենետիկ մնաց, եւ ես իբր հոգաբարձու վերոյիշեալ եկեղեցւոյն՝ առիթ ունէի ստէպ այցելել իրեն, գտնելով միշտ զինքը շրջապատեալ զանազան նկարներէ, որոնք արուեստին սիրահարի մը եռանդով ցոյց կու տար ինձ, եւ կը բացատրէր իր մտքին մէջ ունեցած ապագայ ընելիք աշխատութիւններէն մէկ քանին: Կը խոստովանիմ, որ լաւ ըմբռնող մը չեմ պատկերահանութեան արուեստի նրբութեանց, բայց շատ ախորժելով մտիկ կ՚ընէի ոգեւորեալ երիտասարդին բացատրութիւնները, եւ մէկ կողմանէ ալ մտքէս կը խորհրդածէի՝ ըսելով ինքիրենս. «Քիչ տեսեր եմ այսքան եռանդով իւր մասնաճիւղին ինքզինքը նուիրած երիտասարդ մը. ահա Վենետիկի՝ մոգական քաղաքին՝ զուարճութեանց եղանակն է. աշխարհ ամէն կարծես հոս կը դիմեն վայելքի հրապոյրով, իսկ այս երիտասարդն հակառակ իւր տարիքի բերմանց՝ գրեթէ անտարբեր՝ հանդէպ զինքը շրջապատող զբօսանքներու, իւր սենեկին, իւր պատկերներուն ընկերակցութեան մէջ կը գտնէ իւր զուարճութիւնն ու սրտի գոհութիւնը»

Հռովմի ակադեմիոյ վկայականն ընդունելէ յետոյ՝ վերջին ամիսներս Պր. Ս. Խաչատուրեան գնաց նախ Զուիցերիա եւ յետոյ անցաւ Գերմանիա, եւ Միւնիխէն կը գրէր ինձ. «Ինչպէս գիտէք, յարգելի վարդապետս, պատ. խնամակալութեան հրամանաւ Զուիցերիայէն անցայ Գերմանիա, որպէսզի զարգացումս միակողմանի չլինի եւ այժմ հոս Միւնիխի մէջ կ՚ուսումնասիրեմ գերման միջնակարգ վարժարաններու մէջ գործնական մեթոտներն՝ նկարչութիւնը ու գծագրութիւնը ուսուցանելու, որպէսզի երբ Կարին վերադառնամ՝ կարենամ լաւ կերպով սորվեցնել եւ աւանդել, վասնզի այս ամառը Կարին պիտի վերադառնամ՝ շրջանս լրացած լինելով »:

Ահաւասիկ երիտասարդ մը, որ այդ հասակին թանկագին օրերը վատնած ըլլալու խղճէն ազատ է, եւ որ այս տողերու գրած պահուս՝ արդէն ճամբայ ինկած է դէպի Կարին, եւ կրնանք սրտանց մաղթել իրեն, որ շահաւէտ ըլլան իւր ընելիք օգուտները հայ գեղարուեստին, եւ հայ ազգս կարենայ օր մը իւր պարծանքներն համրած ժամանակ՝ թիւ մըն ալ աւելցնել մինչեւ օրս ունեցած շարքին վրայ:

1911 թիւ
Հ.Ա.Վ. Տիրոյեան. «Բազմավէպ»

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...