image

ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահին Ծիծեռնակաբերդ այցը աղմուկ կը ստեղծէ Թուրքիոյ մէջ

ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահին Ծիծեռնակաբերդ այցը աղմուկ կը ստեղծէ Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտալլա Շահիտի այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը:

Նախարարութիւնը 29 Յուլիսին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «ՄԱԿի լիազօրուած մարմինները ներկայացնող անձեր պէտք է գործեն ՄԱԿի օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական արժեչափերուն եւ կանոններուն համապատասխան, մասնաւորաբար, 1948ի ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ուխտին: Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերը եւ միջազգային օրէնքը կեղծելու փորձերը: Թուրքիա այն կարծիքին է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն եռաբեռող փաստերը պէտք է քննուին ամբողջական կերպով, արդար եւ ազնիւ շրջանակներու մէջ»:

Նաեւ կը նշուի, որ Շահիտի Հայաստան այցելութիւնը օգտագործուած է՝ իբրեւ «հայկական միակողմանի թէզերու գործիք» եւ կը պահանջուի, որ ան այսուհետեւ աւելի ուշադիր եւ պատասխանատու ըլլայ:

Յիշեցնենք, որ Շահիտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկներ զետեղեց եւ շրջագայեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, սակայն աւելի ուշ այս մասին գրառումը «Թուիթըր»ի իր էջէն հեռացուց, տեղի տալով Անգարայի ճնշումներուն։