image

ՄԱԿ-ը փոխած է Թուրքիոյ անուանումը. Այսուհետեւ՝ Թիւրքիյէ

ՄԱԿ-ը փոխած է Թուրքիոյ անուանումը. Այսուհետեւ՝ Թիւրքիյէ

ՄԱԿ-ը բաւարարած է Թուրքիոյ խնդրանքը` փոխել հանրապետութեան անուանումը բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ, յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիքը:

«Republic of Turkey»-ն (Թուրքիոյ Հանրապետութիւն) վերանուանուած է Republic of Türkiye», ըսած է Տիւժարիքը: Անոր խօսքով` փոփոխութիւնը ուժի մէջ մտած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու դիմումէն անմիջապէս յետոյ:

Երկրի անուան կարճ տարբերակը այժմ Turkey-ի փոխարէն կը դառնայ Türkiye: Թուրքիոյ տեղը այբբենական կարգով պիտի չփոխուի, յաւելած է Տիւժարիքը:

Ինչպէս պարզաբանած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, Թուրքիոյ անուան ուղղագրութեան փոփոխութիւնը ընդունուած է որպէս Անգարայի քայլերու մէկ մաս, որոնք ուղղուած են «միջազգային ասպարէզին մէջ երկրի հեղինակութեան բարձրացման»: