image

ՄԱԿ-ը պէտք է քայլեր ընէ նաեւ արցախցի երեխաներու համար. Մարգարեանը ելոյթ ունեցած է Անվտանգութեան Խորհուրդէն ներս

ՄԱԿ-ը պէտք է քայլեր ընէ նաեւ արցախցի երեխաներու համար. Մարգարեանը ելոյթ ունեցած է Անվտանգութեան Խորհուրդէն ներս

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) երեխաներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները կանխելու ու երեխաներու ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու պատասխանատւութիւն կը կրէ ամէնուր, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս «Երեխաները եւ զինուած հակամարտութիւնները» թեմայով քննարկման ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանը։

Ան կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան քայլեր ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող երեխաներու կեանքի պայմաններու հետագայ վատթարացումը կանխելու նպատակով։

Մարգարեան եւս մէկ անգամ յիշեցուցած է, որ 2022-ի դեկտեմբերէն Ատրպէյճանի կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճռի խախտումով Լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող շրջափակումը յատկապէս ծանր մարդասիրական հետեւանքներ առաջացուցած է երեխաներու համար։

«Անհնար է դարձել դպրոցների ու նախակրթարանների գործունէութիւնը, առողջապահական ծառայութիւնների մատուցումը, առաջացել է սննդի, դեղորայքի ու այլ կենսական ապրանքների խիստ կարիք»,-ըսած է ան։

Դեսպանը նշած է, որ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ ՄԱԿ-ի կառոյցներու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ եւ տեղի բնակչութեան կարիքներու համապարփակ գնահատումը` շեշտելով, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը եւ շուրջ 30 հազար երեխաներու ու անոնց ընտանիքներու շրջափակումը վերջիններուս իրաւունքներու ծանր խախտում է։