Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին աճող լարուածութիւնը կը մտահոգէ ՄԱԿ-ը: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Մենք աճող մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին լարուած իրավիճակի մասին հաղորդումներուն, այդ շարքին՝ այսօր ստացուած վերջին միջադէպի մասին: Չնայած ՄԱԿ-ն ի վիճակի չէ ստուգել այդ հաղորդումները՝ մենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ'ընենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու, ձեռնպահ մնալու գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել սրման եւ առկայ խնդիրները լուծել երկխօսութեան միջոցով»,-ըսած է Հաքը:
Յիշեցնենք, որ 28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրկին դիմած են սադրանքի` խախտելով հրադադարի ռեժիմը հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան համաձայն՝ հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ հինգ վիրաւոր:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել