image

ՄԱԿ-ի մէկ  կարեւոր պաշտօնատարը Պաքուի մէջ բանտարկուածներու  անյապաղ ազատ արձակուիլը պահանջեց 

ՄԱԿ-ի մէկ  կարեւոր պաշտօնատարը Պաքուի մէջ բանտարկուածներու  անյապաղ ազատ արձակուիլը պահանջեց 

ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարը պահանջած է Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակել, հաղորդած է Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

3 Մարտին, Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին իր ելոյթին մէջ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուցած է Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը`նշելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուի արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները։

Թիւրք նաեւ ընդգծած է, որ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ան յայտնած է, թէ ինք կը յուսայ, որ անոնք կ՚առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու: