image

Մահացած է քոլոմպիացի նշանաւոր քանդակագործ՝ Պոթերոն

Մահացած է քոլոմպիացի նշանաւոր քանդակագործ՝ Պոթերոն

Մոնաքոյի մէջ 91 տարեկանին մահացած է քոլոմպիացի ամենայայտնի նկարիչներէն մէկը՝ Ֆերնանտօ Պոթերոն։ Այս մասին յայտնած Է Քոլումպիայի նախագահ Կուսթաւօ Փեթրօն։

Ֆերնանտօ Պոթերոն կրոթեսքեան ոճի նկարչութեան վարպետ էր, քանդակագործ, որ իրեն կ'անուանէր «ամենաքոլոմպիացին քոմլոմպիացի նկարիչներու մէջ»։ 

Նկարիչի «հնարքը» գեր մարդոց պատկերելն է, անոր մօտ բոլորը գիրուկ են` մարդիկ, կահոյքը, կենդանիները եւ նոյնիսկ խնձորը: Նկարիչը յայտնի դարձաւ, երբ 1959 թուականին քոլոմպիացի նկարիչներու ցուցահանդէսին արժանացաւ առաջին մրցանակի:

Նշենք, որ Երեւանի Քասքատ համալիրին մէջ եւս տեղադրուած են անոր քանդակները, որոնցմէ ամենայայտնիներն են՝ «Ծխող կինը», «Յոյն զինուորը» եւ «Կատուն»։