image

Լուքաշենքոյի ինքնազգացողութիւնը վատացած է Մայիսեան շքերթէն ետք

Լուքաշենքոյի ինքնազգացողութիւնը վատացած է Մայիսեան շքերթէն ետք

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն չէ կրցած մասնակցիլ Քրեմլինի մէջ կայացած հանդիսաւոր ընթրիքին: Այս մասին գրած է EaDaily-ն։

Ինչպէս յայտնած են լրատուամիջոցները, Պելառուսիոյ առաջնորդի ինքնազգացողութիւնը վատացած է Յաղթանակի շքերթէն յետոյ։ Առողջութեան վատթարացման պատճառով Լուքաշենքօն շտապ հեռացած է Մոսկուայէն։

Օդակայանին մէջ 68-ամեայ Ալեքսանդր Կրիկորեւիչ Լուքաշենքօն ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ ճաշի փոխարէն շտապ օգնութիւնը կը սպասէր։