image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Բարերար Մայք Սարեան իր նուիրատւութիւնը հասցուց աւարտին (Լուսանկար)

 Լոս Անճըլըսի մէջ. Բարերար Մայք Սարեան իր նուիրատւութիւնը հասցուց աւարտին (Լուսանկար)

Լոս Անճըլըսի հայկական համայնքին մէջ հանրայայտ անուն հանդիսացող Մայք Սարեան օրերս աւարտին հասցուցած է իր բարերարութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Սարեանի կատարած գրառումէն, ուր ան մասնաւորապէս կը շեշտէր, որ 2017  թուականին   իր կողմէ նախաձեռնուած բարերարութիւնը հասցուած է աւարտին եւ այդ առումով ալ  բարեկամական հանդիպման մը ընթացքին Ինսոնիյի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան յանձնած է վերջին վճարման կտրոն-չէքը։

Յիշեցնենք, որ Լոս Անճըլըսի Իսնինո շրջանի հայկական կեդրոնի բակերէն մին վերակոչուած էր Մայք Սարեանի մայրիկին ՝ Խաթուն Սարեանի անունով։ 

 Այս առթիւ ալ Սարեան կատարած է կարճ գրառում մը նշելով, որ այս բարերարութիւնը կը կատարուի ոչ միայն պանծացնելու իր մայրիկի անունը, այլ նաեւ առիթ տալու շրջանի հայութեան աւելի լաւ պայմաններ ունենալ միութենական միջավայրի մէջ։

 

Վարձքը կատար ազգային բարերար ՝ Տիար Մայք Սարեանին