Լոս Անճելըսի Ինսոնո շրջանին մէջ ապահովական պատահար մը ցնցած է շրջանի հիւանդանոցը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Լոս Անճելըսի իր աղբիւրէն։
Պատահարին մասին տեղեկութիւններ տուած է նաեւ Լոս Անճելըսի մասին լուրեր սփռող 5 կայանը։
Աղբիւրը նշած է, որ աւելի վաղ բանտարկութեան արժանացած անհատ մը մուտք գործած է հիւանդանոց եւ դաշոյնի հարուածներ տուած իրեն առաջինը հանդիպող բժիշկի մը եւ երկու հիւանդապահուհիներու։
6 Ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք տեղի ոստիկանութիւնը կարողացած է ձերբակալել յանցագործը եւ կալանքի տակ առնել զինք։
Մեր աղբիւրին համաձայն դէպքի վայր գտնուած է նաեւ հայազգի բուժքոյր ՝ Մ. Արմէնեան եւ ան հրաշքով փրկուած է, որովհետեւ յարձակման պահուն կը գտնուէր վիրաբուժութեան սենեակը եւ ան այնտեղ ստիպուած եղած է մնալ 6 ժամ։
Աւելի ուշ դէպքին մասին տուեալներ տալով ոստիկանութեան աղբիւրը յայտարարած է, որ բուժքոյրերուն եւ բժիշկին կեանքին վտանգ չկայ, իսկ յանցագործը կը գտնուի իրաւապահ մարմիններու հսկողութեան տակ։
Իր կարգին հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ գործող մեր հայրենակից Մայք Սարեան այս մասին անդրադառնալով անգլերէնով գրած է ՝
This is horrible what is going on in this country! Unreal
This was one of my hospitals under my management!!!
My heart goes out to the nurses and the doctor who got stabbed. This is awful and it’s wrong, it’s totally wrong.
My prayers go to the victims and their families.