image

Լոս Անճելըսի մէջ. Լենա Կարապետեան Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն

Լոս Անճելըսի մէջ. Լենա Կարապետեան Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը գումարած իր հերթական ժողովին Լենա Կարապետեանը նշանակեց Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, որ Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2024ին գումարած իր հերթական ժողովին Լենա Կարապետեանը նշանակեց Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի:

Կարապետեան պսակաւոր արուեստից իր վկայականը ստացած է Թորոնթոյի համալսարանէն, իսկ մանկավարժական մարզին մէջ իր մագիստրոսի վկայականը՝ Օնթարիոյի արհեստագիտութեան համալսարանէն:

Կարապետեանին ծանօթ միջավայր է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, ուր ան վերջին երկու տարիներուն վարած էր ուսումնական ծրագիրի եւ ուսուցման վարիչի պաշտօնը։ Նոյն շրջանին, Կարապետեան նաեւ գործած է՝ իբրեւ ուսումնական ծրագիրներու փոփոխութիւններու խորհրդատու, ինչպէս նաեւ գիտական, երկրաչափական, արհեստագիտութեան, արուեստի, ուսողութեան ծրագիրներու կիրարկման եւ արհեստագիտական հարթակներու օգտագործման մէջ:

Կարապետեան 2016էն 2021 պաշտօնավարած է Թորոնթոյի Մեթրոփոլի նախապատրաստական վարժարանին մէջ՝ իբրեւ վարիչ եւ անգլերէն բաժինի պատասխանատու, իսկ 2014էն 2016՝ Օնթարիոյի Նոթապիլիա մանկավարժական կեդրոնին մէջ՝ իբրեւ դասընթացքներու մշակող: Ան լայն փորձառութիւն ունի՝ իբրեւ  նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսուցիչ, նաեւ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգերու հայերէնի դասաւանդման: Ան տիրացած է շարք մը ուսուցչական որակաւորումներու, ինչպէս՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բոլոր նիւթերուն, իսկ երկրորդականի՝ անգլերէնի, գիտութեան եւ ընկերային գիտութիւններու, եւ վերջապէս՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգերու յատուկ մօտեցումի արժանի աշակերտներու կրթութեան։

«Վերջին ամսուան ընթացքին, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ձեռնարկած էր Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին նոր տնօրէնի պաշտօնի կոչման գործընթացին եւ զանազան հանդիպումներ ունեցած էր բոլոր թեկնածուներուն հետ՝ նպատակ ունենալով գտնել այն թեկնածուն, որ իր կարողութիւններով պիտի կարենայ նոր բարձունքներու առաջնորդել Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը ընդհանրապէս, եւ աշակերտներուն ուսումնական մակարդակը մասնաւորապէս: Առ այդ, կը յայտնենք, որ Խնամակալ մարմինը Լենա Կարապետեանը նշանակեց Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն՝ բարձր համարում ունենալով անոր ուսումնական եւ վարչական կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական կրթութեան գծով իր նուիրուածութեան», յայտնեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, որ եզրափակելով՝ աւելցուց. «Մեր խոր համոզումն է, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի օրհնութեամբ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմին, Ուսումնական մարմինին, յանձնախումբերուն եւ տեղական մարմիններուն գործակցութեամբ ու միասնական աշխատանքով, Լենա Կարապետեան պիտի յաջողի իր նոր առաքելութեան մէջ եւ պիտի շարունակէ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի ուսումնական յառաջընթացը եւ նոր նուաճումներով՝ հարստացնէ ու ընդարձակէ վարժարանին կրթական առաքելութիւնը»:

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը կը շնորհաւորէ Լենա Կարապետեանը այս պատասխանատու պաշտօնին նշանակման առիթով, նաեւ իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին: