Արկածներով լեցուն ճամբորդութեան կը նմանին այն կեանքի այն պատումները, որոնց վրայով կը դիավարեն մեր հայրենակիցներէն շատ շատեր։
Արեւմտահայաստանի շէներէն դէպի Հալէպ ուր ծնունդ առած են այսօրուայ երէց սերունդի ներկայացուցիչներէն շատ-շատերը ու ապա դէպի հեռաւոր ամերիկեան ափեր։
Այդպիսին եղաւ մեր հայրենակիցներէն Եղիա Գազանճեանի կեանքը, որն իր աչքերը բացաւ Հալէպի մէջ 1 յունուար 1929-ին եւ մահացաւ օրերս հայաշատ Լոս Անճելըսի մէջ։
Եղիա Գազանճեան կեանքի դժուարութիւններուն բերումով ստիպուած եղած էր լքել դպրոցական գրասեղանը եւ նետուիլ կեանքի ասպարէզ։
Ըլլալով փայլուն արհեստաւոր ան կը յաջողի դառնալ Հալէպի յարգուած վարպետ ատաղձագործներէն մին ու շնորհիւ այդ արհեստին կը կարողանայ կազմել ընտանիք ու դառնալ ընտանիքի օրինակելի հայր։
Կը հասնէր բոլորին, կ՚օգնէր իր հարազատներուն ու մասնաւորապէս մեծ նուիրումով կը հասնէր իր մեծ ու փոքր ընտանիքի կարիքներուն։
Կեանքը կը տնօրինէ, որ Եղիա Գազանճեան տարիներ առաջ փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՚ապրի որպէս թոշակառու ու մեծ գորովով ալ կը զմայլի իր թոռներուն ԱՄՆ փոխադրութեամբ։
Ճշդապահ, մեծին հետ մեծ ու փոքրին հետ փոքր Եղիա Գազանճեանըկը շահի իր շրջապատի մեծ յարգանքն ու պատկառանքը։
Շնորհիւ աշխատասիրութեան եւ անհատական ճիգերու կը հմտանայ արաբերէն լեզուին մէջ ու մինչեւ կեանքի արշալոյսը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ արաբական աշխարհի եւ յատկապէս իր ծննդավայր Սուրիոյ դէպքերուն։
Յառաջացած տարիքին բերումով մահացած մեր հայրենակից Եղիա Գազանճեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի 29 օգոստոսին Օք շրջանի (Ինսինո) Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Յարգանք իր վաստակին եւ մխիթարութիւն բոլոր հարազատներուն։