image

Լոս Անճելըս Սէրա Այնթէպլեանի քառասունքը

Լոս Անճելըս Սէրա Այնթէպլեանի քառասունքը

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն, որոնք մասնաւորապէս նշեցին, որ ծաղիկ հասակին մահացած երիտասարդուհիին մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 1 մայիս 2022ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2215 E. Colorado St., Pasadena, CA 91107, յաւարտ Ս. Պատարագի։

Ամերիկահայ երիտասարդուհի Սէրա Այնթէպլեանի մահուան քառացունքը պիտի կատարուի յառաջիկայ  1 մայիսին։

 Այս մասին «Արեւելք»  հանգուցեալի հարազատներէն, որոնք մասնաւորապէս նշեցին, որ ծաղիկ հասակին մահացած երիտասարդուհիին մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 1 մայիս 2022ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2215 E. Colorado St., Pasadena, CA 91107, յաւարտ Ս. Պատարագի։

Յիշեցնենք, որ Սէրա մահացած էր ինքնաշարժի ղծանր արկածի հետեւանքով եւ անոր վարած ինքնաշարժը հատուած էր երկուքի, երբ ան կորսնցուցած էր ինքնաշարժի կառավարումը, որ զառնուած էր «թիւ 101 մայրուղի» անունով ճանչցուած արագագնաց ճանապարհի եզրին։

 Հայուհին տեղւոյն վրայ մահացած է եւ ոստիկանութեան մարմիններ դէպքի վայր հասած են քննութիւններ կատարելու նպատակով։ 

 Նշենք, որ Սէրա Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած եւ այնտեղ հաստատուած ծնողներու միակ դուստրն էր եւ նոր սկսած էր յաճախել Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանը։

Սէրայի մահը հանրութեան քննարկման մեծ թեմա դարձած է, իսկ դէպքին մասին յատուկ ռէբորթաժ մը պատրաստած է Լոս Անճելըսի CBS հանրայայտ կայանը։