Մեծն Բրիտանիա-(«Ալ Ժատիտ»-Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին , Անգլիացի հարիւրաւոր ակադեմիկոսներ եւ դասախօսներ ստորագրած են ուղերձ մը, ուր կը յայտնեն իրենց բողոքը ընդդէմ Իսրայէլի եւ կը խոստանան չհամագործակցիլ անոր ակադեմական եւ կրթական հաստատութիւններուն հետ: Ըստ անգլիական «Կարտիեըն» թերթին, ստորագրողները կը պատկանին Անգլիոյ 72 կրթական հիմնարկներուն, որոնց մէջ են Օգսֆորտի համալսարանը, Գամպըրիճի համալսարանը եւ Լոնտոնի Իմբիրեըլ ամենանշանաւոր համալսարանը:Բողոքողներուն ուղերձը, որ պատրաստած էր Անգլիոյ նշանաւոր արտադրող եւ երաժշտագէտ Պրեան Ինոն եւ «Ազատ Տիմոքրաթներու կուսակցութեան» անդամ Պարոնա Ճէյնի Թոնկը, որ Պաղեստեցիներու կողքին իր դրական կեցուածքին համար հեռացուած է հասարակական ժողովի կուսակցութեան ղեկավարութենէն: Ուղերձը նաեւ ընդգրկեց 343 ակադեմիկոս եւ արուեստագէտ մարդոց անունները եւ անոնց յայտարարագիրը լոյս տեսաւ երկրի գլխաւոր լրագիրներուն մէջ «Անգլիոյ ակադեմիկոսներու պարտաւորութիւնը հանդէպ Պաղեստինեան իրաւունքներուն» վերնագրին տակ:Այս առթիւ «Ալ Քուտսս Ալ Արապի» թերթին տեղեակ աղբիւր մը նշեց թէ, անգլիական թերթը թէեւ միայն 343 ակադեմոկոսներու անուններ հրապարակած է, սակայն կան նաեւ հարիւրաւոր անուններ որոնց համար տեղ չկար էջին վրայ: Ուղերձը կ'ըսէ «Մենք, որպէս Անգլիական համալսարանին հետ կապ ունեցող ակադեմիկոսներ, խորապէս կը ցաւինք Իսրայէլի Պաղեստինեան հողերու անօրէն գրաւումին համար եւ անընդունելիու անտանելի խախտուներուն, որոնք տեղի կ'ունենան Պաղեստինցի ժողովուրդի բոլոր տարրերուն դէմ եւ անոր ակնյայտ վճռականութիւնը որեւէ կարելի համաձայնութիւն մերժող, ի պատասխան Պաղեստինի քաղաքացիական, հասարակական կոչին, կը յայտարարենք որ, չենք հաղորդակցիր ու չենք ընդունիր այցելել Իսրայէլեան ակադեմական հաստատութիւնները», ինչպէս նաեւ չստանձնել վճռող անդամի դերը տոքթորական թէզէր պաշտպանելու պարագային:Չմասնակցիլ այն խորհրդաժողովներուն, որոնք կը կազմակերպուին կամ կը հովանաւորուին կամ կը ֆինանսաւորուին իսրայէլեան ակադեմական հիմնարկներու կողմէ:
Այս մէկը առաջին ուղերձը չէ, որուն մէջ Անգլիոյ առաջադէմ ակադեմիկոսներ եւ արուեստագէտներ թիկունք կը կանգնին Պաղեստինեան ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ ճակատագիրը որոշելու իրաւունքներուն: Ամիսներ առաջ, անոնք հրատարակեցին շարք մը ուղերձներ, որոնց թիւը հասաւ 700-ի, ուր յայտարարեցին Իսրայէլի գիտական եւ հետախուզական հաստատութիւններուն հետ, իրենց համագործակցելու դադրեցումը: Մտաւորականները նաեւ յայտնած են, որ պիտի շարունակեն համագործակցիլ իրենց իսրայէլցի գործընկերներուն հետ անձնական նախաձեռնութիւններով եւ այսպէս պիտի շարունակեն մինչեւ Իսրայէլը միջազգային օրէնքի համեմատ գործէ եւ յարգէ մարդկային իրաւունքները:
Ուղերձը փակուած է կոչ ուղղելով բոլոր ակադեմիկոսներուն միանալ Իսրայէլի ընդդէմ բողոքին եւ անուններ աւելցնել անհատական այս նախաձեռնութեան: