Մտաբերե՛նք, մեր հայակամ
Կորուստը մեծ, վէրք Լիզպոնի,
Ուր պոռթկացին յօժարակամ,
Հզօր սրտեր անպարտելի,
Վրէժի մաղձ՝ մտքեր հայկեան,
Արիւնաքամ պայքարով լի,
Խրոխտ հոգւով, անուրջ՝ մահուան,
Ի սէր անյաղթ գաղափարի։
Դեռ կը հնչէ արդիւնաբեր
Եւ ուշագրաւ զանգը մեր հին,
Ուր երեսուն բորբ տարիներ,
Մեզ ժրաջան շարքեր տըւին,
Հոն՝ կը ննջեն մարտիրոսներ,
Աներկեւան ու քաջարի,
Ոսկեժառանգ հինգ վկաներ՝
Ազատութեան սուրբ խորանի։
Եւ յաղթեցին ճակատագրին,
Եռուն սրտով դիմադրական,
Նուիրեցին փառքը՝ հողին,
Երդման պատւով ընկերական,
Ու փշրեցին շղթան մեղքի,
Ի դէմ՝ ազգին անփառունակ,
Ներշնչեցին կա՛մք հայդուկին՝
Դայլայլելով երգ, նպատակ։
Պիտի լսե՛ս, ու նկատես
Կոյր աչքերով, դուն՝ խուլ աշխարհ,
Լիզպոնի վեհ ժառանգ որպէս՝
Մեր նոր մտքերը սրբարար,
Ու բոցաշունչ սէրը մեր մեծ՝
Դալար կեանքովը ծիածան,
Իսկ արեանըդ բաբախին մէջ՝
Կենսակայտառ հայ ապագան։
Կայլակ
«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն