image

Լիզպոնի սխրագործութեան նուիրուած ձեռնարկ՝ Պէյրութի մէջ

Լիզպոնի սխրագործութեան նուիրուած ձեռնարկ՝ Պէյրութի մէջ

 Պէյրութի  «Ազդակ»էն  վերահասու կը դառնանք՝

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 26 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը:

Բացման խօսքը արտասանեց Կալի Թագւորեան:

Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ԼԵՄ-ականներ հանդէս եկան ասմունքով, իսկ ԼԵՄ-ի նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Լիզպոնի նուիրուած երգերով:

Ձեռնարկին յաջորդեց ջահերթ` դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, առաջնորդութեամբ` ջահակիր ԼԵՄ-ի  ընկերներուն եւ մասնակցութեամբ հայորդիներու:

Լիզպոնի 5 տղոց պանթէոնին դիմաց խօսք առաւ Ներսէս Ապրիլեան: Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: