Լիբանան («էլ. Պի. Սի.Այ».- Պէյրութ) Լիբանանեան LBCI արբանեակային կայանը տեղեկութիւն փոխանցեց երկրի վարչապետ Թամմամ Սալամի հաւանական հրաժարման մասին: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սալամ անհանգիստ է ընդհանուր իրավիճակէներէն եւ լրջօրէն կը մտածէ հրաժարական ներկայացնելու մասին: Վարչապետը հեռախօսային զանգեր ստացած է երկրի խորհրդարանի նախագահ ՝ Նէպիհ Պըրրիէն եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն սակայն ան կը մնայ անդրդուելի: Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին կառավարութիւնէն ներս լարուած իրավիճակ կը տիրէ մանաւանդ, երեսփոխան Միշէլ Աունի գլխաւորած «Ազգային Ազատ Հոսանք»ի կողմէ գործադրուած ճնշումներուն հետեւանքով: Լիբանան 14 ամիսներէ ի վեր կը մնայ առանց նախագահի եւ երկրի Սիւննի վարչապետը կառավարութեան հետ համախոհաբար կոչուած է վարել երկրի քաղաքական կեանքը: