image

Լիբանանի մէջ. Ընթացք պիտի առնեն վարչապետի նշանակման հետ կապուած խորհրդակցութիւնները

Լիբանանի մէջ. Ընթացք պիտի առնեն  վարչապետի նշանակման հետ կապուած  խորհրդակցութիւնները

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի ջանքերուն եւ լիբանանեան կողմին մօտ իրարու հակասող, սակայն «միացեալ» կոչուող կեցուածքի հանելուկին առընթեր, հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենան վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները:

Այս շրջագիծին մէջ, քաղաքական բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նեժիպ Միքաթի դարձեալ պիտի նշանակուի վարչապետ` ստանալով խորհրդարանի մեծամասնութեան զօրակցութիւնը, իսկ ընդդիմութիւնը կը փորձէ համաձայնիլ այլ թեկնածուի մը շուրջ:

Բայց եւ այնպէս կան երեսփոխանական կարգ մը պլոքներ, որոնք հաստատեցին, որ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն իրենց յայտնելիք կեցուածքը տակաւին անյստակ է:

Քաղաքական վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ Միքաթիի վերանշանակումէն ետք, վարչապետը կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները պիտի կատարէ բարձր առաստաղի ներքեւ եւ ամուր կեցուածքով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահին պահանջներուն:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի աղբիւրներ կը հաստատեն, որ մինչեւ հինգշաբթի, 23 Յունիս տրուած թուականը շատ կարեւոր կը նկատուի, որպէսզի երեսփոխանական պլոքները կարենան ճշդել վարչապետի իրենց թեկնածուն:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդակցութիւններուն համար ճշդուած թուականին նպատակն է դրական մթնոլորտի մէջ կատարել այդ խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ դիւրացնել նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: