«Սպիտակ նահատակ». այսօր այս բառերով Լիբանանի առողջապահական նախարար Համատ Հասան բնութագրած է երիտասարդ բժիշկ՝ Լուայ Իսմահիլի մահուան պարագան։
Կը նշուի նաեւ, որ Սուր քաղաքի «Լիբանանեան-իտալական հիւանդանոց»ի աշխատակիցներէն՝ 32-ամեայ Լուայ Իսմահիլը կը հանդիսանայ «Քորոնա»ի դէմ ստեղծուած ճակատի առաջին պաշտպաններու շարքերուն մէջ «պատերազմող» բժիշկ մը։
Ըստ նոյն աղբիւրին Լուայի վիճակը վատթարացած է չորս օր առաջ ու ան շտապ կերպով փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն տեղի տալով աւանդած է իր հոգին։
Լուայ Իսմահիլ կը համարուի «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած առաջին լիբանանցի բժիշկը։
Նշենք, որ մեր ունեցած վերջին տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի նոր ալիք մը մոլեգնած է։ Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է նաեւ MTV կայանը՝ յղում կատարելով երկրի առողջապահական մարմիններուն։ Նոյն մարմինները նաեւ յայտնած են , որ յառաջիկայ օրերուն վարակը կրնայ համատարած կերպով տարածուիլ, եթէ քաղաքացիներ չհետեւին պատկան մարմիններու ցուցմունքներուն։