Լիբանանի Պրիթէլ շրջանին մէջ բողոքի մեծ ալիք հասունցած է 9-ամեայ փոքրիկի մը մահուան պատճառով։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ նշելով, որ Զահրա Թլայս (երրորդ դասարանի աշակերտ) կարիճէ մը խայթուելէ ետք փոխադրուած է Պաալպէքի «Տար ալ ամալ»հիւանդանոց ու երեք օր տառապելէ ետք մահացած։
Կը նշուի նաեւ, որ մահուան բուն պատճառը եղած է դեղի մը պակասը, որ կը համարուի այդ խայթոցէն փրկուելու միակ միջոցը։
Յիշեցնենք, որ առկայ տնտեսական տագնապին հետեւանքով Լիբանանի մէջ ծայր աստիճան դժուար դարձած է սովորական դեղերու ձեռքբերումը, ալ ուր մնաց եթէ խօսքը կը վերաբերի մասնագիտական դեղերու։
Կը նշուի նաեւ, որ երկրի Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար բժիշկ Համատ Հասան կարողացած է պէտք եղած դեղէն ապահովել, Լիբանանեան հարաւին մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ուժերէն, սակայն պարզ դարձած է , որ դեղերը ապահովուած են փոքրիկին մահէն ետք։