image

Լիբանանի մէջ. Սարդի խայթոց, դեղի պակաս եւ 9-ամեայ զոհ

Լիբանանի մէջ. Սարդի խայթոց, դեղի պակաս եւ 9-ամեայ զոհ

Լիբանանի  Պրիթէլ շրջանին մէջ բողոքի  մեծ ալիք  հասունցած է 9-ամեայ  փոքրիկի մը մահուան պատճառով։ 

 Այս մասին լուրը  կը հաղորդէ  նշելով, որ Զահրա Թլայս (երրորդ դասարանի աշակերտ) կարիճէ մը խայթուելէ ետք փոխադրուած է  Պաալպէքի  «Տար ալ  ամալ»հիւանդանոց ու երեք օր տառապելէ ետք մահացած։ 

 Կը  նշուի նաեւ, որ մահուան բուն պատճառը եղած է  դեղի մը պակասը, որ կը համարուի այդ խայթոցէն փրկուելու միակ միջոցը։

 

 Յիշեցնենք, որ  առկայ տնտեսական  տագնապին հետեւանքով Լիբանանի մէջ ծայր աստիճան  դժուար դարձած է  սովորական դեղերու ձեռքբերումը, ալ ուր մնաց  եթէ խօսքը կը վերաբերի մասնագիտական դեղերու։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ երկրի   Առողջապահութեան նախարարի  պաշտօնակատար բժիշկ Համատ Հասան   կարողացած է պէտք եղած դեղէն ապահովել,  Լիբանանեան հարաւին մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի  ուժերէն, սակայն պարզ դարձած է , որ դեղերը ապահովուած են փոքրիկին մահէն ետք։