Լիբանանի մէջ պետական պաշտօնեաները իրենց ամսավճարը պիտի ստանան Ամերիկեան տոլարով։
Այս մասին օրերս յայտարարած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար՝ Ուիսամ Մանսուրի։
Լուրին մասին մանրամասն գրած է մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ը եւ լուրը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար, Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձը պիտի վճարուի տոլարով` հիմնուելով ամերիկեան տոլարի 85.500 լ. ոսկի փոխարժէքին վրայ:
Մանսուրի հաստատեց, որ իրենք համաձայնած են լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կարիքները ապահովել` առանց օտար դրամանիշով պահ դրուած գումարներուն դպչելու:
«Հարցը այն է, որ նման կարիքներ գոյութիւն ունին բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն մէջ, սակայն կարելի չէ բոլոր գումարները միատեղ ապահովել, հակառակ անոր որ բոլոր նախարարութիւններն ալ անմիջական կարիքը ունին անոնց», ըսաւ ան:
Մանսուրի հաստատեց, որ բարեկարգումները վաւերացնելու իմաստով արձանագրուած իւրաքանչիւր օրուան ուշացում պետութեան փլուզումը աւելի եւս կ՛արագացնէ: «Այս իմաստով հարց կու տանք, թէ ո՞վ է շահաւորը այս ուշացումէն», հարց տուաւ ան:
Մանսուրի շեշտեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ Կեդրոնական դրամատունը պատրաստ է բարեկարգումի այդ օրէնքները գործադրելու` խորհրդարանի իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին:
Ան նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը պետական ամավարկի նիւթական բացը պիտի չհոգայ` ո՛չ տոլարով եւ ո՛չ ալ լիբանանեան դրամանիշով: «Կեդրոնական դրամատունը լիբանանեան դրամանիշով յաւելեալ դրամ պիտի չտպէ` փակելու համար պետութեան ծախսերը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է տուրքերու գանձումի դրութիւնը աշխուժացնել եւ մսխումին վերջ տալ, ինչպէս նաեւ ներածումները բարելաւել:
«Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան կատարած իրաւական հաշուեքննութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Մանսուրի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պատրաստ է գործակցելու եւ ընկերութեան ու դատական իշխանութիւններուն տրամադրելու պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը:
Ան կոչ ուղղեց երկրին ելեւմտական իշխանութիւնը դուրս բերելու քաղաքական բանավէճերէն եւ զգուշացուց, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը երկար դիմանալու կարողութիւն չունի, իսկ բարեկարգումներու մասին օրէնքներ չընդունելու պարագային Լիբանան կրնայ լուսանցքայնացուիլ ելեւմտական միջազգային համակարգին մէջ:
Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներու գումարներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Մանսուրի նշեց, որ այս նիւթին վերաբերող հարցումներուն պատասխան չունի: