image

Լիբանանի մէջ նոր սքանտալ կը հասուննայ. Իթանիի «գործ»ը շինծու էր

Լիբանանի մէջ նոր սքանտալ կը հասուննայ. Իթանիի «գործ»ը շինծու էր

Լիբանանցի ճանչցուած թատերական գործիչ Զիատ  Իթանի, որ երեք  ամիսներ առաջ յայտնուած  էր բանտի  ճաղերու  ետին կրնայ  ազատ  արձակուիլ:

Ըստ նախնական  տուեալներու իսրայէլեան մարմիններու հետ լրտեսական «մութ  գործարքներ»ու մէջ  եղած   Իթանիի   գործը  «շինծու» է:

Իր կարգին  «Ալ Լիուաա» թերթը յայտնած է, որ հակառակ Լիբանանի մէջ ընթացող նախընտրական պայքարին, սակայն երկրի բնակչութիւնը նաեւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի դերասան Զիատ Իթանիի գործով տեղի ունեցող նորութիւններուն:

Աղբիւրը նշած է, որ օրերս Ներքին գործոց նախարարին թուիթըրեան գրառումը մեծ իրարանցում առաջացուցած է ժողովուրդին մէջ: Վերջինս գրառման մէջ կը պնդէր, թէ ի շահ Իսրայէլի լրտեսութեամբ զբաղելու մէջ մեղադրուող Զիատ Իթանի անմեղ է, եւ անոր հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը ոգեշնչող պէտք է ըլլայ բոլորին համար:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ ներքին անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից սպայ Սուզան Ալ Հաճ հարցաքննութեան հրաւիրուած է, պարզելու համար անհիմն ամբաստանութեան պատճառներն ու հանգամանքները:

Իր հերթին Սէուտական Արաբիա գտնուող վարչապետ Հարիրի շեշտած է, որ Իթանիի դէմ սուտ մատնութիւն կատարած անձը դաժանագոյն պատիժին պիտի ենթարկուի: