image

Լիբանանի մէջ. Հացի կապոցը սկսաւ վաճառուիլ 4000 ոսկիի

Լիբանանի մէջ. Հացի կապոցը սկսաւ վաճառուիլ 4000 ոսկիի

Վառելանիւթի սակերու բարձրացումէն անմիջապէս ետք այսօր առաւօտ կառավարական մարմիններ նոր սակագին մը հրապարակեցին կապուած հացի կապոցին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Էլ Նաշրա» կայքէն։

Աղբիւրը, յղում տալով երկրի  ճարտարարուեստի (առեւտուրի) նախարարութեան գրած է, թէ այսօրուընէ սկսեալ  876 կրամ կշռող հացին կապոցը  պիտի վաճառուի 3750 լիբանանեան ոսկիի, իսկ փուռերէն դուրս եւ վաճառուտուները հասցուած հացի կապոցին գինն է 4000 լիբանանեան ոսկի։

«Էլ Նաշրա»ի կարծիքով հացի սակին թանկացումը նաեւ կապ ունի կառավարութեան կողմէ շաքարի գինին նեցուկին դադրեցման հետ եւ չի բացառուիր, որ  հացի կապոցին սակը շարունակէ բարձրանալ։

Յիշեցնենք, որ  2019 թուականին ընթացք առած  դէպքերը եւ ապա տնտեսական տագնապին սրացումը հացի կապոցի սակն էր 1500 լիբանանեան թղթոսկի, իսկ անոր կշիռքն էր 1000 կրամ։