image

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ յետաձգուեցաւ. Պատճա՞ռը

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ յետաձգուեցաւ. Պատճա՞ռը

Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ յետաձգուեցաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «VDL» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նախագահ Աունի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ առկայ թիւրիմացութեան հետեւանքով, ներկայ փուլին անյայտ է, թէ երբ պիտի կազմուի նոր կառավարութիւն:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ երկու հիմնական կողմերու միջեւ առկայ թիւրիմացութիւնը կապ ունի կառավարութեան մէջ «ապահովիչ մեծամասնութիւն» անունով յայտնի մօտեցումին կիրառման հետ. մինչ «Հըզպալլա» կը փորձէ նախարարներու այդ ապահովիչ մեծամասնութիւնը իր ձեռքը ունենալ, անդին նախագահ Աուն եւ յատկապէս անոր փեսան՝ երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն այդ մէկը ունենալու համար:

Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարական տագնապը արդէն եօթ ամսուան կեանք ունի եւ անցեալ Մայիսէն ի վեր երկիրը կը շարունակէ գոյատեւել առանց կառավարութեան: