image

Լիբանանցի Մը Ահաբեկիչին Վրայ «Նետուելով» Խնայեց Հարիւրներու Կեանքը (Լուսանկար)

Լիբանանցի  Մը Ահաբեկիչին Վրայ «Նետուելով» Խնայեց Հարիւրներու Կեանքը (Լուսանկար)

Անցեալ շաբաթ  Պէյրութի  հարաւային արուարձանը  հարուածած  ահաբեկչութեան ընթացքին  քաղաքացի մը, նախազգալով  պատրաստուած երկրորդ պայթումին վտանգը, «ինքզինք նետած է»  ահաբեկիչին վրայ`   այդպիսով խնայելով հարիւրաւոր  մարդոց կեանքը: Նշենք, որ երիտասարդը, որ կը կոչուի  Ատէլ Թըրմոս,   պայթումի  ժամերուն  ներկայ եղած է     շրջանի  մզկիթին մէջ տեղի ունեցող Ուրբաթ օրուան աղօթքին ու պատահմամբ  մզկիթէն դուրս գալու պահուն նկատած է        անծանօթ մէկու մը ոչ սովորական շարժումները:     Թըրմոս այնուհետեւ ինքզինք նետած է     ականուած գօտի կրող ահաբեկիչին վրայ ու անկէ ետք   լսուած է     երկրորդ ծանր պայթումը:  Ըստ    լրատուական աղբիւրններու`  ահաբեկիչը մտադիր էր  մզկիթ մուտք գործելով  մեծ թիւով մարդոց սպաննութեան պատճառ ըլլալ:  Թըրմոս, որ ամուսնացած է ունէր երկու  զաւակներ եւ կ'ուգար Լիբանանի  հարաւային Թաննուսա աւանէն: Նշենք, որ Պըրժ Ալ Պարաժնէի պայթումին   հետեւանքով    40 անձեր զոհուած էին, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած էր   200-ի: