Յուլիս 7-ին, ժամը 14։30-ին Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Սեւանայ լիճի 2-րդ հանրային լողափի տարածքին մէջ կորած է 3 երեխայ։
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՆԳՆ Փրկարար ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն, որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ ջրափրկարարները յայտնաբերած են երեխաները։