image

ԼՂ-ի մէջ Հայ գործիչներու արձաններու քանդումը անպատուաբեր է. Ռուս գործիչ

ԼՂ-ի մէջ  Հայ գործիչներու արձաններու քանդումը անպատուաբեր է. Ռուս գործիչ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայազգի նշանաւոր գործիչներու եւ զօրավարներու 25 յուշարձաններու ու կիսանդրիներու քանդումը անպատուաբեր արարք է։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերու ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյը։

«Յուշարձաններուն դէմ պատերազմ մղելը լաւագոյն զբաղմունքը չէ որեւէ երկրի համար։ Ատոնք կ՚արտացոլեն այս երկրի վրայ ապրող ժողովուրդներու պատմութիւնը։ Ատիկա նոյնքան անհեթեթութիւն է, որքան 90-ականներուն Ատրպէյճանի մշակոյթի գործիչներու յուշարձաններու ոչնչացումը։ Յուշարձաններուն դէմ պայքարիլ ամենաազնիւ գործը չէ, բայց շատ կարեւոր է հասկնալ, որ Ռուսիոյ եւ Կովկասի ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները դարաւոր պատմութիւն ունին, եւ մենք կապուած ենք ոչ միայն այսօրուան, այլ նաեւ անցեալին ու ապագային»,– ըսած է Շվիտքոյը։

Ան նշած է, որ թէեւ քաղաքականութիւնը մշակոյթ կը թելադրէ, սակայն այն «այսրոպէական» է, իսկ մշակոյթը կ՚ապրի յաւերժութիւն»։

«Եւ միջպետական յարաբերութիւններէն բացի, կան նաեւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններ, որոնք աւելի խորքային են։ Եւ այսօր կարեւոր է պահպանել բոլոր մշակութային շփումները, որոնք մեզ կը կապեն մեր կողքին ապրող ժողովուրդներուն հետ»,– աւարտած է Շվիտքոյը։