Վրաստանի դատախազութիւնը պաշտօնապէս մեղադրանք առաջադրած է հինգ ընդդիմադիր գործիչի՝ հոկտեմբեր 4-ին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու օրը պետական յեղաշրջման եւ կառավարութեան տապալման կոչերու համար։
«Մեղադրանք առաջադրուած է Փաաթա Պուրչուլաձէին, Մուրթազ Զոտելաւային, Իրաքլի Նատիրաձէին, Փաաթա Մանճկալաձէին եւ Լաշա Պերիձէին», - ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է դատախազութեան ներկայացուցիչ Տաւիթ Կումպերիձէն։
Անոր խօսքով՝ մեղադրանքները կը վերաբերին Վրաստանի սահմանադրական կարգի բռնի փոփոխութեան կամ պետական իշխանութիւնը տապալելու կոչերուն, ինչպէս նաեւ խմբակային բռնութիւն կազմակերպելուն, ղեկավարելուն եւ ատոր մասնակցելուն։