image

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Խօսելու Հարցը Չէ Վճռուած

Լեւոն  Տէր  Պետրոսեանի  Խօսելու Հարցը  Չէ Վճռուած

 ՀՀ  Ազգային Ժողովէն ներս ՀԱԿ խմբակցութեան  անդամ  Արամ Մանուկեան, խօսելով «Ազատութիւն»   ռատիոկայանին, նկատել տուած է, թէ     Ուրբաթ   Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կայացուած     «Ոչ»-ի հանրահաւաքը իրենց սպասածէն աւելի յաջող  հաւաք մըն էր:  Մանուկեան նաեւ յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի  յառաջիկայ  1 Դեկտեմբերին կայացուելիք մեծ հանրահաւաքի: Ան, պատասխանելով   «Ազատութիւն» ռատիօկայանի   լրագրողի հարցին,  կապուած        նախատեսուած   հանրահաւաքին ՀՀ առաջին նախագահի ելոյթ ունենալու մասին,  ըսաւ «Որեւէ ատեն, ոչ ոք   Տէր Պետրոսեանին   չի կրնար թելադրել ելոյթ ունենալ կամ ոչ: Հայաստանի հանրապետութեան  առաջին նախագահը միշտ ինք վճռած է  իր խօսք առնել չառնելու հարցը»,  նշելով նաեւ, որ իրենց խորագոյն փափաքն է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ելոյթով հանդէս գայ: Նշենք, որ Հայաստանի  ընդդիմութիւնը կը քննադատէ  յառաջիկայ   սահմանադրական   բարեփոխման  համար ըլլալիք   հանրաքուէն` առաջադրանքը  համարելով  իշխանութիւնը  վերարտադրելու  համար  եղած  խաղ: