image

Ապու Ալ-Ղայզ կը բանայ փակագիծերը. Ներկայ պահուն Սուրիոյ Արաբական Լիկա վերադարձի հարցը վճռուած չէ

Ապու Ալ-Ղայզ կը բանայ փակագիծերը. Ներկայ պահուն Սուրիոյ Արաբական Լիկա վերադարձի հարցը վճռուած չէ

Երէկ Պէյրութ այցելած Արաբական Լիկայի առաջի քարտուղար Ահմատ Ապու Ալ-Ղայզ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարած է Սուրիոյ վերաբերեալ:

Եգիպտացի դիւանագէտը նշած է, որ ներկայ պահու դրութեամբ տակաւին քննարկման ենթակայ չէ Սուրիոյ Արաբական Լիկայի միայանալու խնդիրը, հակառակ անոր, որ այս առումով աշխոյժ խօսակցութիւններ լսելի սկսած են դառնալ:

Յիշեցնենք, որ Ապու Ալ-Ղայզ, որ կարճ այցելութեամբ մը գտնուած է Պէյրութ, հանդիպումներ ունեցած է երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Իր կարգին, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի մերժած է ընդունիլ Ապու Ալ-Ղայզի այցելութիւնը: