image

Ռուս խաղաղապահներուն ճակատագիրը ցարդ չէ վճռուած. Այդ մասին ակնարկած է Փեսքով

Ռուս խաղաղապահներուն ճակատագիրը  ցարդ չէ վճռուած. Այդ մասին ակնարկած է Փեսքով

Ռուս խաղաղապահները պիտի շարունակեն մնալ Ղարաբաղի մէջ, սակայն դեռ վաղ է խօսիլ այս տարածաշրջանին մէջ անոնց ներկայութեան տեւողութեան մասին։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Առայժմ դժուար թէ որեւէ մէկը կարողանայ այդ ըսել», - պատասխանած է Քրեմլի խօսնակը այն հարցին, թէ տեսանելի ապագային ռուս խաղաղապահները պիտի մնա՞ն Ղարաբաղի մէջ։

«Անոնք այժմ փաստացի կը գտնուին Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Մենք կը շարունակենք մեր շփումները Պաքուի հետ, խաղաղապահները օգնութիւն կը ցուցաբերեն եւ ներկայ են Ղարաբաղի հայերու եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու միջեւ արդէն սկսած բանակցութիւններուն: Այդ աշխատանքը ներկայիս կը շարունակուի», - ընդգծած է Փեսքով: