image
Հրատապ լուրեր:

Լեհաստանը կը փակէ սահմանը Պելառուսիոյ եւ Ռուսիոյ բեռնատարներու առջեւ

Լեհաստանը կը փակէ սահմանը Պելառուսիոյ եւ Ռուսիոյ բեռնատարներու առջեւ

Լեհաստանի ներքին գործոց նախարար Մարիուշ Քամինսքիի կարգադրութեամբ, 1 յունիսէն Լեհաստանը կը փակէ սահմանը  Պելառուսիոյ եւ Ռուսիոյ բեռնատարներու համար։

Աւելի վաղ Լեհաստանի իշխանութիւնները պատժամիջոցներ սահմանած են Պելառուսիոյ 365 քաղաքացիներու նկատմամբ։

Վարշավայի քայլերը պատասխան են Պելառուսիոյ քաղաքացի, ծագումով լեհ լրագրող Անճէյ Փոչոպութի դէմ Պելառուսիոյ իշխանութիւններու բռնաճնշումներու։

Կրոտնոյի դատարանն անցեալ փետրուարին անոր ութ տարուան ազատազրկման դատապարտած է՝ ատելութիւն սերմանելու մեղադրանքով։

Վարշավան քաղաքական գնահատած էր լրագրողի դէմ Պելառուսիոյ իշխանութիւններու գործողութիւնները։