«Սաատ Հարիրի կ'ընդունի Ֆրանսա մեկնելու Էմմանուէլ Մաքրոնի առաջարկը» խորագրով ֆրանսական «Le Figaro» թերթը յօդուած հրապարակած է, ուր անդրադարձած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ Փարիզ մեկնելու Մաքրոնի հրաւէրը Հարիրիի կողմէ ընդունուելուն:
Թերթին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հարիրի Սէուտական Արաբիա ժամանած Ֆրանսայի վարչապետին երէկ առաւօտ տեղեկացուցած է, որ ընդունած է Ֆրանսայի առաջարկը:
Ինչ կը վերաբերի Հարիրիի ընտանիքի անդամներուն, թերթը յայտնած է, որ վերջիններս որոշ ժամանակ անց պիտի մեկնին Փարիզ, նկատի ունենալով, որ սէուտական դպրոցներ կը յաճախեն եւժամանակ պէտք է, որպէսզի պատրաստուին մեկնելու:
Անդրադառնալով Հարիրիի Փարիզ այցին, Մաքրոն նշած է, որ այն ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ, եւ կ'արտացոլէ Ֆրանսայի տրամադրուածութիւնը, Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութեան վերահաստատման մսնակից դառնալու: