image

Լայնածաւալ պատերազմ պիտի չըլլայ

Լայնածաւալ պատերազմ պիտի չըլլայ
Այս ռազմական գործողութիւնները լայնածաւալ պատերազմի չեն վերածուիր։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը՝ անդրադառնալով 28 Յուլիսի գիշեր Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումներու կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածի մէջ սադրանքին:
 
Յիշեցնենք, որ օրերս Մովսէս Յակոբեան յայտարարած էր, թէ Երասխէն ետք լարուածութեան նոր օճախ եւս պիտի ըլլայ։
 
Հարցին, թէ արդեօք նկատի ունեցած է հենց նշուած հատուածին մէջ այս գիշեր տեղի ունեցած յարձակումն ու աշխոյժ փոխհրաձգութիւնը, ան պատասխանած է. «Ոչ միայն»։