image

Լայնածաւալ հրդեհներ, վնասուած տուներ. Քիեւը՝ ռուսական հրթիռակոծութենէն ետք

Լայնածաւալ հրդեհներ, վնասուած տուներ. Քիեւը՝ ռուսական հրթիռակոծութենէն ետք

Այս գիշեր Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ ռուսական անօդաչու թռչող սարքերու եւ պալիսթիք հրթիռներու զանգուածային հարուածի հետեւանքով վիրաւորուած է 19 մարդ, որոնցմէ 14-ը տեղափոխուած են հիւանդանոց։ Այս մասին յայտնած է NewVoice.ua-ն:

Ռուսական յարձակումը բազմաթիւ հրդեհներու պատճառ դարձած է։

Քաղաքային իշխանութիւններու տուեալներով՝ վնասուած են բնակելի շէնքեր, կրթական եւ բժշկական հաստատութիւններ, ոչ բնակելի շէնքեր, մեքենաներ, պահեստներ եւ այլն։

Լրատուամիջոցները յայտնած են նաեւ Քիեւի մէջ երկաթուղային գիծերու վնասման մասին։