Յունիս 8-9-ին աշխատանքային այցով Երեւան պիտի գտնուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:
Յունիս 9-ին Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը:
Այցի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ ՀՀ նախագահին եւ ՀՀ վարչապետին հետ։