image

Լարուած Իրավիճակ Ջաւախքի Տաբածղուր Գիւղին Մէջ

Լարուած Իրավիճակ Ջաւախքի  Տաբածղուր  Գիւղին Մէջ

Վրաստան-  Լարուած իրավիճակ կը տիրէ     Ջաւախքի  Տաբածղուր    գիւղին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հետք»ը: Կայքը նաեւ կը գրէ, որ  լարուածութիւնը արդիւնք է գիւղացիներուն դէմ    գիւղին  կից եղող լիճէն ձուկ որսալու  առընթեր դրուած արգելքներուն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ոստիկաններ երէկ գիշեր լիճին  շրջակայքը գալով փորձած են  գիւղացի երիտասարդներ ձերբակալել: Ըստ «Հետք»ին    ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Խաչատարեանի հիմնած  «Լճեր» ընկերութիւնը կը կանգնի  գիւղացիներուն  դէմ     սկիզբ առած  շարժումին դէմ:Նշենք նաեւ, որ նոյն ընկերութիւնը դատարանէն  իրաւունք ստացած է  լիճէն ձուկ որսալու ամբողջական  իրաւասութիւն  ունենալու: Գիւղացիներ  յայտնած են, որ իրենց համար ձուկ   որսալը շրջանին մէջ միակ օրապահիկ ապահովող  հիմնական աղբիւրն է: