ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ շեշտած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման՝ յուսալով, որ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժն ապահովելու համար կը ձեռնարկուին համապատասխան միջոցառումները:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը տարածած է անոր խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիքը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ի գիտութիւն կ'ընդունի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, որոնք ընդունուած են 22 փետրուարին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վարոյթի ծիրին մէջ: Ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու վստահութիւնը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին:
Ընդհանուր քարտուղարը յիշեցուցած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները պարտադիր են կատարման համար: Ան կը հաւատայ, որ կողմերը կը կատարեն որոշումները՝ այդ շարքին այն որոշումը, որ կը վերաբերի Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ՝ մարդոց, փոխադրային միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժն ապահովելու համար միջոցներ ձեռնարկելուն:
Ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը շարունակեն աշխատիլ՝ բարելաւելու երկկողմ յարաբերութիւնները: Ան շեշտած է, որ կը խրախուսէ կառուցողական երկխօսութիւնը։