Արդէն 76-րդ օրն է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը:
Ընկերային մետիայով տարածուող տեղեկութիւնը, ըստ որու Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը բացուած է, կեղծ է: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական շտաբէն:
Ատրպէյճանը կը շարունակէ բնապահպանական պատրուակով Արցախի շրջափակումը:
Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ ճանապարհի բացման դէպքին կը տարածուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն:
Կը խնդրենք տուրք չտալ ապատեղեկատւութեան:
Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերի առաւօտեան խումբ մը ատրպէյճանցի «բնապահպաններ» փակած են Լաչինի միջանցքը, որու հետեւանքով կտրուած է կապը Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։