Փարիզի մէջ հայ երիտասարդութեան ներկայացուցիչները ցոյց իրականացուցած են Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան մուտքի մօտ՝ Quai d'Orsay-ի մէջ։
ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութեան անդամները կոչ ըրած են դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը։ Անոնք պարզած են՝ «Բացէք կեանքի ճանապարհը։ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանեցէք» գրութեամբ պաստառներ։
«Ֆրանսան, ԵՄ-ն, միջազգային հանրութիւնը պէտք է խախտեն Ատրպէյճանի յանցագործութիւններու վերաբերեալ իրենց լռութիւնը։
Quai d'Orsay-ը պէտք է արձագանգէ եւ դիւանագիտական ուղիներով վերջ դնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ պատժամիջոցներ սահմանէ Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ իր յանցագործութիւններու համար»,- գրած են ցուցարարները դիմատետրի էջին։