Լաչինի միջանցքով ազատ շարժը պէտք է պահպանուի` համաձայն 2020–ի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան։ Այս մասին այսօր Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) յայտարարած են Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիւնենը (Ֆինլանտա) եւ Պորիանա Օպերկը (Շուէտ), որոնք 17-19 փետրուարին այցելած էին Հայաստան։
Անոնք ԵԽԽՎ բոլոր անդամներուն եւ վերջիններուս երկիրներու խորհրդարաններուն կոչ ըրած են միանալու Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումն անյապաղ դադրեցնելու իրենց կոչին։
«Իրավիճակը Լաչինի միջանցքին մէջ կը պահանջէ անյապաղ գործողութիւններ։ Այսօրուան դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները չեն կրնար ազատ դուրս գալ տարածաշրջանէն»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
ԵԽԽՎ համազեկուցողները նշած են նաեւ, որ միայն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ռուս խաղաղապահներու մեքենաներու մուտք եւ ելքով հնարաւոր չէ բաւարարել բնակչութեան կարիքները։
Իրենց յայտարարութեան մէջ անոնք անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման եւ ելեկտրամատակարարման բազմակի ընդհատումներուն ու փաստած, որ այդ փաստը յանգեցուցած է բնակիչներու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու։
«Շատ մարդիկ արդէն կորսնցուցած են աշխատանքը, իսկ երեխաները զրկուած են կրթութիւնէ, քանի որ դպրոցները ստիպուած եղած են փակել»,– ըսած են անոնք։
Համազեկուցողները խօսած են նաեւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակման եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւումի մասին` այդ շարքին արգիլուած զինատեսակներու կիրառմամբ եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու խոցմամբ։
«Մենք տեսած ենք Ջերմուկ քաղաքի եւ Սոթք գիւղի մէջ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ ատրպէյճանական զօրքերու յարձակումներու հետեւանքները»,– գրուած է յայտարարութեան մէջ։
Համազեկուցողները նշած են, որ իրենց եզրակացութիւններուն մասին կը յայտնեն ԵԽԽՎ Մշտադիտարկման կոմիտէին։
Նշենք, որ Քիմմօ Քիլիւնենն ու Պորիանա Օպերկը Հայաստան ժամանած են 17 փետրուարին։ Անոնք այցելած են Ջերմուկ, Սիւնիք, Սոթք եւ Կուտական, ինչպէս նաեւ Հայաստանն Արցախին կապող ճանապարհի անցակէտ ու արձանագրած մայրուղիի փակ ըլլալը։